2013-07-13 09:48:45

Մալիքի Եւ Պայտըն Կը Քննարկեն Սուրիոյ Տագնապն Ու Շրջանային Զարգացումները


Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտընէն եւ անոր հետ քննարկեց շրջանային զարգացումներն ու Սուրիոյ տագնապը:
Մալիքիի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաստատուած է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Իրաքի հաստատ կեցուածքը, որ կը զօրակցի այդ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելուն եւ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքին վերջ տալուն:
Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Պայտըն իր կողմէ նշած է, որ Իրաք իր շրջանային եւ միջազգային դերակատարութեան կը վերատիրանայ, մասնաւորաբար 1990-ին Քուէյթ ներխուժելէ ետք իր դէմ հաստատուած ՄԱԿ-ի ուխտի 7-րդ յօդուածի տրամադրութեանց տակ որդեգրուած պատժամիջոցներէն դուրս գալով:
Պայտըն ողջունած է շրջանին մէջ Իրաքի դրական ազդեցութեան վերադարձը, ինչպէս նաեւ արաբական եւ շրջանի տարբեր երկիրներուն հետ անոր յարաբերութեանց զարգացումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.