2013-07-12 12:04:28

Վատիկանի Մէջ Պատժական Օրինագիրքի Վերանորոգում։
ֆրանչիսկոս Պապի Ինքնագիր Թուղթը։


Վատիկանի Պետութիւնը 11 յուլիս 2013-ին վերատեսեց իր պատժական օրինագիրքը զայն պատշաճեցնելով միջազգային համաձայնագիրներուն։
Նոր օրինագիրքը կը ներմուծէ ի մէջ այլոց տանջանքի յանցանքը եւ աւելի բացայայտօրէն կը մեկնաբանէ անչափահասներու դէմ գործուած յանցագործութիւնները Վատիկանի հողին վրայ։ Ըստ նոր կարգադրութիւններուն ցկեանս բանտարկութիւնը ջնջուած է մինչ Վատիկան ապաստանած ոճրագործերու յանձնումը արտօնուած է։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ինքնագիր թուղթով, ստորագրուած 11 յուլիս 2013, կը վաւերացնէ պատժական նոր օրինագիրքը որուն ի զօրու է մէկ սեպտեմբերէն եւ որուն կ' ենթարկուի Վատիկանի եւ Ս. Աթոռի եկեղեցական թէ աշխարհական բոլոր անձնակազմը։
Նշենք որ Վատիկանի պատժական դրութիւնը կը հիմնուէր 1929-ի օրինագիրքի վրայ։
Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենակը իր տուած հաղորդագրութեամբ կը մատնանշէ որ պատժական օրինագիրքի նորութիւններէն մէկն է տանջանքի յանցանքի ներածումը եւ անչափահասներու դէմ յանցագործութիւններու նոր ցանկը որ կը ներփակէ մարմնավաճառութիւնը եւ անչափահասներու դէմ գործուած սեռային բռնագրաւումները։ Նոր օրինագիրքին մէջ ներմուծուած են նաեւ մարդկութեան դէմ ոճիրները ինչպէս ցեղասպանութիւնը եւ ազգաբնակչութեան բաժանումը։

Յայտնենք որ Վատիկանի մէջ պատժական օրինագիրքի վերանաորգումի ներկայացումը մեծ արձագանգ գտաւ միջազգային մամուլին մէջ որ բնականաբար չէր ակնկալէր պարունակութեամբ ուժեղ ու նորութիւններով լի նման օրինագիրք մը։ Մեկնաբանութիւնները այդ ուղղութեամբ դրական են։

Բարենորոգումները կը պարուրեն միջազգաղին իրաւունքի յեղաշրջումը եւ իրաւականօրէն կ'օրինագրեն Ս. Աթոռի յանձնառումը։ Առաքելական Աթոռը այսպէսով լիազօր մաս կը կազմէ միջազգային հասարակութեան` նոյնիսկ իրաւունքի տեսակէտով։
Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտին յայտնեց թէ մօտ ապագային նոր օրէնքներ լոյս պիտի տեսնեն Վատիկանի դրամատան եւ ''Moneyval''-ի մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.