2013-07-12 09:52:59

Յարուցեալ Մարմիններու Յատկութիւնները


Իրաւ է որ յարութիւն առնող մարմինները, գոյացութեամբ միեւնոյն մարմինները պիտի ըլլան, զորս մահը փոշիացուցած պիտի ըլլայ. սակայն, պէտք է լաւ գիտնալ որ անոնց վիճակը յստակ կերպով տարբեր պիտի ըլլայ: Մեր մարինները, որ առաջ մահկանացու էին, պիտի ըլլան անմահ, յարութեան առաջին վայրկեանէն սկսեալ, առանց զանազանութեան բարիներու եւ չարերու: Սքանչելի վերանորոգում մեր բնութեան, զոր կը պարտինք մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի յաղթութեան` մահուան վրայ:
Սուրբ Գիրքը յստակ է այս կէտին շուրջ. « Վերջնականօրէն պիտի բնաջնջէ մահը», կ՛ըսէ Եսայի` Յիսուսի Քրիստոսի մասին (ԻԵ. 8):
Ս. Պօղոս այս խօսքերը բացատրելով, չի վարանիր ըսելու` թէ «բոլոր միւս թշնամիներէն ետք, մահն անգամ պիտի բնաջնջուի»:
Ս. Յովհաննու մէջ կը կարդանք. «Այլեւս մահ պիտի չ՛ըլլայ (Յայտն. 31, 4 ): Գերազանցօրէն յարմար էր, որ Յիսուսի Քրիստոսի արդիւնքները, որոնք կործանեցին մահուան կայսրութիւնը, ըլլային անհունօրէն ազդեցիկ եւ հզօր քան Ադամի մեղքը:
Ասկէ զատ, Սուրբերու մարմինները որոշ առանձնաշնորհութիւններ պիտի ունենան, Յարութենէն յետոյ, որոշ շատ փայլուն յատկութիւններ` որոնք զանոնք առաջուընէ աւելի գեղեցիկ պիտի դարձնեն: Մեր հայրերը չորս գլխաւոր յատկութիւններ կը թուեն, հետեւելով Ս. Պօղոսին վարդապետութեան:
Առաջին. Անչարչարելիութիւնը, որ զանոնք պիտի պահպանէ ամէն տեսակ չարիքէ ու ցաւէ, մէկ խօսքով` ամէն անհաճոյ բաներէ: Անոնց պիտի չկարենայ վնասել ո՛չ պաղին սաստկութիւնը, ո՛չ կրակին տաքութիւնը եւ ո՛չ ալ ջուրերուն ուժգնութիւնը: Մարմինը կը ցանուի ապականացու, կ՛ըսէ առաքեալը, եւ պիտի վերականգնի անպայման: Աստուածաբանները «անապականութիւն» բառին փոխարէն գործածած են անչարչարելիութիւն բառը, որովհետեւ այս բառը յարմար է փառաւորեալ մարմիններու: Դատապարտեալները, իրենք ալ պիտի ըլլան անապական, բայց ոչ անչարչարելի. անոնց մարմինները պիտի տառապին տաքէն, պաղէն եւ ուրիշ անթիւ տանջանքներէ:
Երկրորդ. պայծառութիւնը, որ սուրբերուն մարմինները արեւուն պէս փայլուն պիտի դարձնէ: Մեր Տէրը այս մէկը յստակօրէն կ՛ըսէ Ս. Մատթէոսի մէջ. « արդարները արեւուն պէս պիտի փայլին իմ Հօրս թագաւորութեան մէջ»: (ԺԳ, 43): Եւ որպէսզի ամէն տարակոյս փառատէ այս կէտին շուրջ, իր առաքեալներուն առջեւ կը Պայծառակերպուի: Արդ, այլ փայլը ճառագայթ մըն է, այն գերագոյն երջանկութեան, որ պիտի համակէ ամբողջ մարմինը. մարմինն ալ պիտի երջանկանայ հոգւոյն երանութեամբ, ինչպէս որ հոգին կ՛երջանկանայ` Աստուծոյ երանութեան մասնակից ըլլալով:
Երրորդ. արագութիւնը, որ մարմինը պիտի ազատէ ծանրութենէն, որ վրան կը ճնշէ: Այսպէս, մարմինը պիտի կարենայ երթալ ուր որ հոգին ուզէ, աներեւակայելի դիւրութեամբ եւ արագութեամբ:
Չորրորդ. նրբութիւնը, որով մարմինը բոլորովին հպատակ պիտի ըլլայ հոգիին. պիտի ըլլայ անոր ծառան, միշտ պատրաստ հնազանդելու ամենափոքր հրամանին: Այս ճշմարտութիւնը զայն կը հաստատէ Ս. Պօղօս առաքեալ. « ինչ որ կը ցանուի հողին մէջ` կենդանական մարմին մըն է, եւ ինչ որ յարութիւն պիտի առնէ` հոգեւոր մարմին մըն է (Ա. Կոր. ԺԵ, 44):







All the contents on this site are copyrighted ©.