2013-07-12 09:38:20

ՄԱԿ Ընդունած Է Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Հարցերը Քննարկելու Դամասկոսի Հրաւէրը


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները ընդունած են Սուրիոյ կառավարութեան հրաւէրը` քիմիական զէնքի օգտագործման հարցերը Դամասկոսի մէջ քննարկելու համար:
Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններ կատարելու համար պիտի մեկնին ՄԱԿ-ի` Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործումը հետաքննող առաքելութեան ղեկավար Օքէ Սելլսթրեմ եւ զինաթափման հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Անճելա Քէյն:
Կը նախատեսուի, որ բանակցութիւններուն ընթացքին անոնք Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ քննարկեն տագնապին ընթացքին քիմիական զէնքի օգտագործման դէպքերու ուսումնասիրութեան հարցերը` ՄԱԿ-ի հովանիին տակ:
9 յուլիսին ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարած էր, որ Ռուսիոյ փորձագէտները դէպքերը վերլուծելով եկած են այն եզրակացութեան, որ զինեալ ընդդիմադիրները 2013-ի գարնան Հալէպի մօտ քիմիական զէնք օգտագործած են:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հուա Շունիեյինկ կոչ ուղղեց «Սուրիոյ մէջ անմիջապէս զինադադարի հաստատման»` սուրիական կողմերուն դարձեալ կոչ ուղղելով ընդառաջելու Ժընեւի մէջ բանակցութիւններու հրաւէրներուն:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Պենիամին պեն Էլիազար յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը կատարելապէս պատրաստ պէտք է ըլլայ, մասնաւորաբար ներկայ հանգրուանին, որ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն լոյսին տակ անորոշութեամբ կը բնորոշուի:
Ան նաեւ պահանջեց «իսրայէլեան բանակի ծախսերը կրճատել»:







All the contents on this site are copyrighted ©.