2013-07-12 12:04:43

Գերմանիոյ Մէջ Առաջին «Լողացող» Եկեղեցին Յայտնուած Է


«ԵՈՒՐՈՄԱԿ» հաղորդեց, որ գերմանական Համպուրկ քաղաքի բնակիչներուն ու հիւրերուն բացառիկ կարելիութիւն ընձեռուած է վայելելու երկրին մէջ առաջին «լողացող» եկեղեցւոյ լռութիւնն ու հանգստութիւնը: Ինչպէս կը նշուի, եկեղեցին ունի 26 մեթր երկարութիւն եւ 7 մեթր լայնութիւն: Անիկա կը գտնուի գրեթէ մէկ դարեայ նաւու մը վրայ:
Եկեղեցին ստացած է «Անքերա» անունը: Այժմ անիկա մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ ոչ միայն զբօսաշրջիկներու, այլ նաեւ նորապսակներու շրջանակին մէջ: Այստեղ մարդիկ կը պսակադրուին, կը կնքեն երեխաները, ինչպէս նաեւ պարզապէս կ՛այցելեն` հետաքրքրութենէ դրդուած:







All the contents on this site are copyrighted ©.