2013-07-11 11:58:11

Ֆիւլէ Հայաստանի Պետական Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն Հետ Քննարկեց Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան Յարաբերութեանց Ամրապնդման Հեռանկարները


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները գոհունակութեամբ խօսեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, այդ յարաբերութիւններուն մէջ առանցքային տեղ գրաւող Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան եւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին ու անոր մաս կազմող Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի բանակցութիւններուն ընթացքին մասին:
Կողմերը գոհունակութեամբ նշեցին շարժունակութեան մարզին մէջ համագործակցութեան յառաջընթացը` ընդգծելով, որ ստորագրուած են եւ այժմ վաւերացման հանգրուանին մէջ կը գտնուին այցեգիրերու դիւրացման եւ Յետընդունման վերաբերեալ համաձայնագրերը:
Ֆիւլէ անդրադարձաւ նաեւ Վիլնիուսի Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան հաստատակամ պիտի շարունակէ եւ նոր թափ հաղորդէ շարք մը ուղղութիւններով երկրին մէջ իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներուն` ակնկալելով անոնց իրագործման նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան ընդլայնում:







All the contents on this site are copyrighted ©.