2013-07-11 12:19:38

Գաղտէացիներու Պատրիարքը Կարգ Ու Կանոնի Կը Հրաւիրէ Իր Կղերը։


Գերերջանիկ Լուի Սագօ` Գաղտիացիներու Պատրիարքը, իր կղերին ուղղած նամակով կը հրաւիրէ իր հոգեւորականները կարգ ու կանոնի։
Պատրիարքը իր նամակին մէջ կ'այպանէ կարգ մը Իրաքցի քահանաներ, որոնք իրենց ժողովրդապետութիւնները վերածած են ''փոքր կայսրութեան'' մը։
Պատրիարքը իր հովուական թուղթին մէջ դիտել կու տայ որ Իրաքի թոյլ կառավարութիւնը, երկրի ընկերա-քաղաքական վատ իրավիճակը, եպիսկոպոսական բազմաթիւ թափուր թեմերը, ժխտական ազդեցութիւն ձգած են կղերականներու վրայ։ Պատրիարքը ցաւով կը յայտնէ որ շատ մը հոգեւորականներ առանց իրենց Եպիսկոսպոսի արտօնութեան կը հեռանան իրենց ժողովրդապետութիւններէն, արձակուրդ կ'առնեն իսկ ուրիշներ կը բաւարանան շաբաթ եւ կիրակի օրերը միայն պատարագ մատուցանել։ Կղերին ուղղած թուղթին մէջ Պատրիարքը կ'ընդգծէ որ քահանայութիւնը կոչում մըն է եւ ոչ թէ արհեստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.