2013-07-10 07:57:08

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Աղօթքը ս. Կոյս Մարիամին Փախստականներուն Համար։


Իտալիոյ Լամբետուզա կղզիի մարզադաշտի մէջ մատուցած պատարագին աւարտին, 8 յուլիս 2013-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը աղօթք մը արտասանեց Ս. Կոյս Մարիամի արձանին առջեւ հայցելով անոր հովանաւորութիւնը գաղթականներուն համար։ Ան ապա Աստուծմէ ներում խնդրեց անզգամ եսապաշտութեան համար։
Ս. Կոյս Մարիամին ուղղած աղօթքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

Ով Մարիամ, Աստղ ծովու, անգամ մը եւս մեր հայեացքը ձեզի կ'ուղղենք ապաստան ու անդորրութիւն խնդրելու, պաշտպանութիւն եւ օգնութիւն պաղատելու։

Աստուծոյ Մայրը ու մեր Մայրը, ուղղէ' քու գողտրիկ հայեացքդ բոլոր անոնց որ ամէն օր կը դիմագրաւեն ծովու վտանգը իրենց ընտանիքին ապրուստը երաշխաւորելու, արարչագործութեան յարգանքը պաշտպանելու եւ ծառայելու խաղաղութեան հաստատումին` ժողովուրդներու միջեւ։

Գաղթականներու ու փախստականներու պաշտպան` քու մայրական հովանաւորութեան ներքեւ ընդունէ' այրերը, կիները ու մանուկները, որոնք իրենց երկրէն փախած են նոր ապագայ մը գտնելու յոյսով։ Անոնց հանդիպումը մեզի ու մեր ժողովուրդին հետ չդառնայ աւելի յոռի ստրկութիւն մը, նուաստացում մը։
Մայր գթութեան, մեզի համար խնդրէ ներում, մենք որ կոյր դարձած ենք մեր եսապաշտութեան, շահամոլութեան ու մեր վախերու հետեւանքով, ու անուշադիր` մեր եղբայրներու կարիքներուն ու տառապանքին։

Ապաստան մեղաւորաց, ընդունէ' սրտի դարձը անոնց, որոնք կը յարուցանեն պատերազմ, ատելութիւն ու թշուառութիւն, անոնց, որոնք կը շահագործեն իրենց եղբայրները ու կը կատարեն անվայել վաճառքը մարդկային կեանքերու։

Եղբայրօգնութեան օրինակ, օրհնէ' բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները, որոնք կը հիւրընկալեն ու ձեռք կ'երկարեն իրենց դիմողներուն։ Թո'ղ անոնց ստացած ու տուած սէրը դառնայ սերմ եղբայրական նոր կապերու ու արեգակ` խաղաղութեան նոր աշխարհի մը։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.