ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ցաւակցական Հեռագիրն Ու Աղօթքը Գանատայի Աղէտեալներուն։
''Ամենաբարի Աստուած զոհերը ընդունի իր լոյսին մէջ։''
Ի լուր Գանատայի
քարիւղ փոխադրող գնացքի մահաբեր արկածին` Քեպէքի Լակ Մեկանդիկ շրջանին մէջ, ֆրանչիսկոս
Քահանայապետը ուզեց ցաւակցական հեռագրով մը իր մօտիկութիւնը յայտնել զոհերու պարագաներուն
եւ իր աղօթքը բարձրացնելով Ողորմած ու բարիգութ Տիրոջ` խնդրել որ զանոնք ընդունի իր լոյսին
մէջ։ Սրբազան Հայրը Գանատայի եպիսկոպոսներուն ուղղած հեռագիրին մէջ իր համակրանքը
կը յայտնէ բոլոր վիրաւորեալներուն, օգնութեան հասնողներուն ու զոհերու պարագաներուն,
բոլորին տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։