2013-07-10 08:41:35

«Ռուսիա Արեւելեան Եւրոպայի Երկիրներուն Մէջ Իր Ազդեցութիւնը Կ՛ուժեղացնէ» Կ՛ըսէ Լիթուանիոյ Նախագահը


«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Մոսկուա Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ իր ազդեցութիւնը կ՛ուժեղացնէ:
Կրիպաուսքայթէի կարծիքով` Ռուսիա կը փորձէ Եւրոպական Միութեան արեւելեան գործընկերները Մաքսային միութեան հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին համոզել:
Եւրոպական Միութեան նախագահող Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէ ընդգծած է, որ տնտեսական ճգնաժամին պատճառով Եւրոպա այժմ զբաղած է իր ներքին խնդիրներով եւ այս իրավիճակը երրորդ կողմի պետութիւններու արեւելքի մէջ իրենց ազդեցութիւնը ընդլայնելու համար յարմար է:







All the contents on this site are copyrighted ©.