2013-07-09 09:47:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի Յոյսի Այցը Լամբետուզա։


Սրբազան Քահանայապետի 8 յուլիսին Իտալիոյ Լամբետուզա կատարած այցելութիւնը քանդակուած կը մնայ Պատմութեան սքանչելի էջերուն մէջ։ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, մամուլին հետ ունեցած իր ելոյթի ընթացքին ճամբորդութիւնը որակեց ''խստիւ դրական որ, չորս ժամուայ մէջ, աշխարհին տուաւ իսկական վկայութիւն մը, որ մաղթեմ մնայուն ըլլայ։''

Այս եզակի այցելութեան մասին դրականօրէն արտայայտուեցաւ նաեւ լրագրողական աշխարհը որ ճամբորդութիւնը որակեց '' Մարդկային խղճի վեհանձն պահ մը'' կամ ''քահանայապետութեան ամենալաւագոյն ներկայացումի ձեւը աշխարհին, քրիտոնեաներուն, այլ կրօնի հաւատացեալներուն եւ ոչ հաւատացեալներուն''. իսկ ուրիշներ գրեցին ''պատմական, անկիւնաքար եւ կամ կեանքի շրջաբերական։''

Սրբազան Քահանայապետի քարոզը հուսկ մեծ արձագանգ ունեցաւ, որուն մէջ Ան յստակօրէն դատապարտեց ''անտարբերութեան համաշխարհակայնացումը'' եւ '' ընկերա-տնտեսական որոշումները առնող անանուն իշխանութիւնները որ կը հարթեն ողբերգութեան ճանապարհը''։ Միեւնոյն ատեն Սրբազան Հայրը ''ներողութիւն'' հայցեց մարդկային խղճի անտարբերութեան` հանդէպ մարդուն։

Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս ուզեց շեշտը դնել Եկեղեցւոյ առաքելութեան վրայ որպէս` Աստուծոյ սիրոյ եւ ողորմութեան արտայայտութիւն հանդէպ` չքաւորին, աղքատին, տկարին, գաղթականին, ուզեց խրախուսել մարդկութիւնը անտարբեր չմնալու ի տես ողբերգութիւններուն եւ ուզեց յատկապէս ցնցել մարդկային խիղճերը, ''որպէսզի այն ինչ որ պատահեցաւ դարձեալ չկրկնուի։''

Աստուծմէ հայցենք որ ջնջէ անտարբերութիւնը մեր սրտերէն, Աստուծմէ հայցենք շնորհքը լալու մեր անտարբերութեան վրայ, աշխարհի անգթութեան ու անոնց համար որոնք ընկերա-տնտեսական որոշումներով ճանապարհը կը հարթեն ողբերգութեան - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ ու ապա եզրափակեց աղօթքով մը որուն մէջ ըսաւ ''Տէր, այս ծիսակատարութեամբ, որ ապաշխարութեան ծիսակատարութիւն է, ներում կը խնդրենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր ցուցաբերած անտարբերութեան համար։'' Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.