2013-07-09 12:39:21

Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններու Պիր Ապըտ Շրջանին Մէջ Պայթում


09 Յուլիս Առաւօտեան ժամը 11.00 ին Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Պիր Ապըտ շրջանին մէջ պայթում մը լսուած է ։

Քարտ Հասան կառատան մէջ. արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ։
Պայթումին վայրին մէջ հսկայ քաոս մը կը տիրէ, երկրորդ ականուած ինքնաշարժի մը գոյութեան հաւանականութեան պատճառով։
Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը փակեցին պայթումին վայրը տանող բոլոր մուտքերը։
Բանակը կոչ կ’ուղղէ քաղաքացիներուն հեռանալու դէպքին վայրէն
Պահման հիւանդանոցին տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ պայթումին պատճառով հիւանդանոց փոխադրուած են 38 վիրաւորներ, որոնց մեծ մասը թեթեւօրէն վիրաւորուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.