2013-07-09 08:11:35

Ահազանգ. Հալէպ Յայտնուած Է Սնունդի Եւ Վառելանիւթի Պաշարման Մէջ


Երբ օրեր առաջ «Երկիր Մետիա» կը հաղորդէր հալէպահայ համայնքի կրթական յաջողութիւններուն մասին, այդ քաղաքին մէջ կը շարունակէր տիրել լարուած մթնոլորտ: «Երկիր Մետիա» կը յայտնէ, որ յատկապէս դժուար կացութիւն կը տիրէ առօրեայ խնդիրներու լուծման, ուտեստեղէնի ապահովման գործին մէջ: Սակայն հակառակ այդ ամէնուն, հալէպահայութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ իր աւանդութիւններուն: Այսօր կ՛ուժգնանայ այն ահազանգը, որ սուրիական երբեմնի տնտեսական մայրաքաղաքը կը յայտնուի սնունդի, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու եւ վառելանիւթի պաշարման մէջ:
Հալէպի վիճակը կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ: Ֆիզիքական վտանգին այժմ աւելցած է նաեւ կենցաղային վտանգը: Թէեւ այս խնդիրը կար նաեւ նախորդ քանի մը ամիսներուն, սակայն այժմ, երբ քաղաքը յայտնուած է շրջափակման մէջ, խնդիրը սաստկացած է:
Այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ նահանգներէն դէպի Հալէպ ելքն ու մուտքը փակ է: Սնունդի հարցին մէջ մեծագոյն խնդիրը ալիւր ձեռք բերելն է, փակ են գրեթէ բոլոր հացի փուռերը:
Պենզինը եւս խնդիր դարձած է: Զայն գրեթէ կարելի չէ ձեռք ձգել, իսկ գոյութիւն ունենալու պարագային ալ` տասնապատիկ սուղ է: Միւս խնդիրը բժիշկներու հարցն է: Բժիշկներուն հիմնական մասը այսօր կը գտնուի երկրէն դուրս, իսկ շտապօգնութեան աշխատանքները կանգնած են` նիւթական պայմաններէն մեկնելով







All the contents on this site are copyrighted ©.