2013-07-08 11:19:52

Լամբետուզայի Կղզին


Լամբետուզայի կղզին կը գտնուի Իտալիոյ հարաւային շրջանը եւ ունի 20 քմ քառակուսի տարածք եւ 6304 բնակիչ։2012էն ի վեր Լամբետուզայի քաղաքապետն է Տիկ Ճուզի Նիքոլինին մինչ որպէս եկեղեցական հողամաս ան մաս կը կազմէ Ակրիճէնդոյի Թեմին որուն առաջնորդն է գերապայծառ ֆրանչէսքօ Մոնդէնէկրօն։

Աշխարհագրական իր դիրքին պատճառաւ միջերկրականի այս կղզին, վերջին տարիներուն, հազարաւոր ափրիկեցիներու եւ այլ երկիրներէն փախստականներու նպատակակէտ դարձած է, մինչ կղզիին ծովու ջուրերը դարձած են, դժբախտաբար, ողբերգրութեան վայր մը, հազարաւոր զոհեր խլելով գաղթականներ փոխադրող նաւերու նաւաբեկութեան հետեւանքով։

1994- 2011 Սիկիլիոյ այս նեղուցին մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած են առ նուազն 6226 անհատներ։ 2011-ը եղած է ամէնէ որղբերգրական տարին ուր 1822 հոգիներ խեղդամահ եղած են, մինչ յոյսով կը ձգտէին աւելի լաւ ու աւելի բարգաւաճ կեանքի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.