2013-07-06 11:41:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կը Հանդիպի Կղերական Կեանքի Թեկնածու Երիտասարդ - Երիտասարդուհիներուն։


Շաբաթ 6 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Դրինիտատ Եւ Դոպակօ հանրապետութեան նախագահը` Տիար Անդոնի Թոմաս Ագուինաս Գարմոնան, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։ Նորին Սրբութիւնը ապա 11,30-ին ընթունեց Արեւելեան Ժողովի երբերմնի կառավարիչ Կարտինալ Ագիլլէ Սիլվէսդրինին հուսկ ժամը 11,40-ին Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Կարտինալ ֆրանսուսյ Քզավիէ Նկույէն Վան Թուանի երանացման դատի թեմական հաւաքի փակման հանդիսուսթեան 400 մասնակիցներուն մինչ յետ միջօրէին ժամը 17,15-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ նորընծաներու եւ կղերական կեանքի թեկնածու 6000 աւելի երիտասարդ ու երիտասարդուհիներուն որոնք Հաւատոյ տարուայ առթիւ, կը մասնակցին 4 - 7 յուլիս 2013 ''Քեզի կը վստահիմ'' խորագրով Սուրբ Պետրոսի Դամբանին Ուխտագնացութեան։
Յայտնենք որ շաբաթ 6 յուլիսի առաւօտեան ՝ երիտասարդ ու երիտասարդուհիները մասնակցեցան ապաշխարութեան խորհուրհին եւ Սուրբ հաղորդութեան պաշտամունքին։ Մինչ անոնց կազմաւորիչ դաստիարակներուն համար, Լատերանեան Համալսարանի մօտ, տեղի ունեցաւ խորհրդածական հանդիպում մը երիտասարդ նորընծաներու կազմաւորումի մասին նոր աւետարանութեան ծիրեն ներս։

Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ աղօթքի եւ խորհրդածութեան պահէ մը ետք որ կը ներկայացնէ Կարտինալ Բիաչէնցա` Կղերի Ժողովի կառավարիչը, ֆրանչիսկոս սրբազան Քահանյապետը կը միանայ ներկաներուն ու հանդիպման ընթացքին անոնց կը ներկայացնէ իր կեանքի ու կոչումին հայող վկայութիւններ եւ խորհրդածութեան նիւթեր անոնց ընդգրկած ճանապարհին մասին։
Յայտնենք թէ Եկեղեցւոյ 2013-ի վիճակագրական տարեցոցյէն ի յայտ կու գայ թէ կղերական կեանքի թեկնածուներու թիւը աշխարհի մէջ 2001-էն 2011 7,5 առ հարիւր յաւելում արձանագրած է անցնելով 112.244 թեկնածուէն (2001-ին) 120.616 թեկնծուի։ եւ մինչ Աերիկեան ու Ասիական զամաքասերու մէջ թեկնածուներու թիւը 30 առ հարիւր յաւելում արձանագրած է եւրողական զամաքամսի թեկնածուներու թիւը 23.1 առ հարիւրէն անցած է 16.8 առ հարիւրի։








All the contents on this site are copyrighted ©.