2013-07-06 09:55:09

Մոսկուա Ապահովութեան Խորհուրդին Կոչ Կ՛ուղղէ Լիպիայէն Սուրիա Զէնքի Մատակարարման Շուրջ Հետաքննութիւն Կատարելու


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` Լիպիայէն Սուրիա զէնքի մատակարարման շուրջ հետաքննութիւն կատարելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Մոսկուա այդ ուղղութեամբ Ապահովութեան խորհուրդին պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է:
Լուքաշեւիչ ըսաւ, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի մօտ իր մնայուն ներկայացուցիչը լիազօրած է ռուսական առաջարկը ներկայացնելու Ապահովութեան խորհուրդի պատժամիջոցներու յանձնախումբին, որուն անդամ են խորհուրդի 15 երկիրները: «Եթէ այդ փաստերը հաստատուին, ապա հարցը կը վերաբերի Լիպիոյ շուրջ միջազգային որոշումի գործադրութեան վտանգաւոր խախտումի մը»:
Միւս կողմէ, Լուքաշեւիչ յայտնեց, որ Ռուսիա մեծ յոյս կը կապէ սուրիական ընդդիմութիւնը միաւորելու առումով յունիսին Ժընեւի մէջ գոյացած համաձայնութեան ծիրին մէջ Ուաշինկթընի ջանքերուն վրայ:
«Ժընեւի խորհրդաժողովի գումարման պատրաստութեան աշխատանքները կը շարունակուին եւ Մոսկուա աշխուժօրէն կ՛աշխատի խորհրդաժողովի գումարման նպատակով այդ նախաձեռնութեան իրականացման համար», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը վերահաստատեց իր երկրին այն կեցուածքը, թէ «Սուրիոյ տագնապը զինուորական լուծում չունի»` շեշտելով, որ «սուրիական կողմերը պէտք է հարցը լուծեն երկխօսութեան ճամբով»:







All the contents on this site are copyrighted ©.