2013-07-06 13:46:10

Հայաստան Երէկ Նշեց Սահմանադրութեան Օրը


Հայաստան երէկ տօնեց Սահմանադրութեան օրը: Տօնին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ յայտնեց, որ 5 յուլիսը իսկապէս պատմական օր է հայութեան համար եւ այդ օրը հայ ժողովուրդը կատարեց իր պատմական ընտրութիւնը: Նախագահը ընդգծեց, որ բոլորին համար պարզ էր նաեւ, որ հանրաքուէով մէկ օրուան ընթացքին ժողովրդավարական, ընկերային եւ իրաւական պետութիւն կարելի չէ դառնալ: Ըստ նախագահին, ատիկա երկար ճամբայ է եւ լուրջ հոլովոյթ:
«Մեր երկրին Հիմնական օրէնքը դրուած է երաշխաւորելու մեր քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու ազատութիւնները: Մենք, իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակութիւն, քայլ առ քայլ կեանքի կը կոչենք այն մեծ նպատակը, որ արտայայտուած է մեր սահմանադրութեան մէջ», իր ուղերձին մէջ գրած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը բոլորին համար ցանկաց օրըստօրէ ամրացող պետութիւն, մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան հետեւողական երաշխաւորում եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքի ձեռքբերում հասարակական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան սահմանադրութիւնը ընդունուած է 5 յուլիս 1995-ին` հանրաքուէով: Տասը տարի ետք` 27 նոյեմբեր 2005-ին հանրաքուէով ընդունուեցան սահմանադրական փոփոխութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.