2013-07-05 11:54:38

Ֆրանչիսկոս Պապի Նախագահութեամբ եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի ներկայութեամբ Վատիկանի Պետութեան Պաշտպան Սուրբ` Միքայէլ Հրեշտակապետի Արձանի Զետեղման Հանդիսութիւնը։


Ուրբաթ 5 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 8,45-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Կառավարութեան շէնքի հրապարակի վրայ` գլխաւորեց Վատիկանի Պետութեան Պաշտպան Սուրբ` Միքայէլ Հրեշտակապետի արձանի զետեղման հանդիսութիւնը։

5 մեթր բարձրութիւն ունեցող ս. Միքայէլ հրեշտակապետի այս արձանը, գործը Ճուզեփփէ Անթոնիօ Լոմուշոյի, պատուիրուած է Վատիկանի Պետութեան երբեմնի կառավարիչ` Կարտինալ Ճովաննի Լայոլոյի կողմէ, յիշատակելու համար Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետը, որ է հաւատքի պաշտպան եւ տիեզերական եկեղեցւոյ պահապան։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետը միշտ ուրբաթ 5 յուլիսի առաւօտեան յաջորդաբար ընդունեց` Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Անճէլօ Ամադօ, Ընտանիքներու Քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի կառավարիչ` կարտինալ էննիօ Անդոնելլի եւ Առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի երբեմնի նախագահ` Կարտինալ ֆիորէնցօ Անճելինին։

Արձանի զետեղման հանդիսութեան առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ ձեռնարկը ծրագրուած էր ժամանակ առաջ եւ ունէր Պենետիկտոս ԺԶ-ի հաւանութիւնը` որուն - ըսաւ Պապը - կը փոխանցենք մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը եւ որուն կը յայտնենք մեր մեծ ուրախութիւնը զինք մեր մէջ ունենալու։ Անկեղծ շնորհակալութիւն։
ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Վատիկանի Կառավարութեան նախագահութեան անձնակազմին ու բոլոր անոնց որ արձանի տեղաւորումին սատարեցին։ Ան ապա ակնարկելով զետեղուած արձանին` բացատրեց թէ Միքայէլ Կը նշանակէ ''Ով է Աստուծոյ նման'' - Միքայէլ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կը մարտնչի Աստուածային արդարութիւնը հաստատելու համար, կը պաշտպանէ Աստուծոյ ժողովուրդը անոր թշնամիներէն ու յատկապէս ամենամեծ թշնամիէն` սատանայէն։ Սուրբ Միքայէլ յաղթական է որովհետեւ Աստուած է որ կը գործէ իր մէջ եւ հոս զետեղուած արձանը մեզի կը վերյիշեցնէ թէ չարը պարտուած է ու անոր գլուխը ճզմուած որովհետեւ փրկութիւնը մէկ անգամ ընդ միշտ կատարուեցաւ Քրիստոսի Արիւնով։

Սրբազան Հայրը հուսկ հաստատեց թէ կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին միայնակ չենք, մեզի կ՛ընկերանան ու մեզի նեցուկ կը կագնին Աստուծոյ հրեշտակները։ Վատիկանի Պետութիւնը նուիրագոծելով Միքայէլ հրեշտակապատին անորմէ խնդրենք որ մեզի պաշտպանէ չարէն - եզրափակեց ֆրանչիսկոս Պապը։







All the contents on this site are copyrighted ©.