Սուրիոյ Աշխատանքի Նախարարի Օգնականը Մահափորձի Ենթարկուեցաւ
«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Կեդրոնական Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ աշխատանքի նախարարի օգնական
Ռաքան Իպրահիմի ինքնաշարժին կպցուած ական մը պայթեցաւ, եւ ան ծանր կերպով վիրաւորուեցաւ: Պայթումը
տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Պարամիքա թաղամասին մէջ: «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանի
լրագրողը յայտնեց, որ, «ըստ նախնական տեղեկութեանց, փոխնախարարը իր ոտքը կորսնցուցած
է եւ ծանր վէրքեր ստացած»: