Հաւատոյ Տարի։ Համաժողով ''Կազմաւորողներու դերը ի սպաս նոր աւետարանութեան''
Շաբաթ 6 յուլիսի առաւօտեան հռոմի Պիոս Ժ. անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ '' ''Կազմաւորողներու
դերը ի սպաս նոր աւետարանութեան'' վերտառութեամբ համաժողով մը որ կազմակերպուած է նորընծաներու
եւ նուիրեալ անձերու համար նախատեսուած` 4-7 յուլիս Սուրբ Պետրոսի դամբանին կատարուած
ուխտագնացութեան ծիրէն ներս։ Վերոյիշեալ համաժողովը ներշնչուած է ''նոր աւետարանութեան''
սիւնհոդոսի այն առաջարկէն թէ ''նորընծայարանները պէտք են նոր աւետարանութիւնը նկատել
որպէս հիմնական կէտ կազմաւորումի գործընթացի ծիրեն ներս։'' Համաժողովի զեկուցողն
է գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլա` Նոր Աւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահ։