2013-07-05 10:15:02

Հայաստան Այսօր Կը Նշէ Սահմանադրութեան Օրը


Հանրապետութեան հիմնական օրէնքը հանրաքուէի միջոցով ընդունուած է 1995 Յուլիս 5-ին: Տասը տարի անց` 2005 Նոյեմբեր 27-ին, երկրին մէջ կրկին իրականացաւ սահմանադրական հանրաքուէ, որուն ժամանակ քաղաքացիները հաւանութեան արժանացուցին գլխաւոր փաստաթուղթին մէջ առկայ փոփոխութիւնները: Այդ փոփոխութիւններով ընդլայնուեցան խորհրդարանի լիազօրութիւնները:
Ընդդիմութեան կոչով հասարակութեան մեծ մասը պոյքոթի ենթարկեց Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, սակայն պաշտօնապէս հանրաքուէն համարուեցաւ կայացած եւ այդ փոփոխութիւնները ընդունուեցան:
Հայաստանի Սահմանադրութեամբ` Հայաստանը կիսանախագահական կառավարումով երկիր է:
«Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքով` 2001 Յուլիս 24-ի որոշումով Յուլիս 5-ը կը նշուի իբրեւ Սահմանադրութեան օր եւ յայտարարուած է ոչ աշխատանքային:







All the contents on this site are copyrighted ©.