Եգիպտոսի Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Ատլի Մահմուտ Մանսուր երէկ կատարեց իր նախագահական
երդումը: Մէկ օր առաջ եգիպտական բանակը նախագահ Մոհամետ Մուրսին պաշտօնէն հեռացուցած
էր եւ առած տնային կալանքի տակ: Բանակը յայտնեց, որ Մուրսի «ժողովուրդին պահանջները չգոհացուց»: Մանսուր
յայտարարեց, որ նոր ընտրութիւնները յառաջընթացի «միակ միջոցն են»: Եգիպտոսի առողջապահութեան
նախարարութիւնը յայտնեց, որ երկրին տարածքին նախանցեալ գիշեր Մուրսիի հակառակորդներուն
եւ համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով առնուազն 10 զոհ արձանագրուած
է: Կիրակի օր սկսած զանգուածային ցոյցերուն սկիզբէն ի վեր 52 զոհ եւ 2619 վիրաւոր արձանագրուած
է: Եգիպտացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Իսլամ եղբայրներու գերագոյն ղեկավար Մոհամետ
Պատի Գահիրէէն արեւելք գտնուող Մարսա Մաթրուհ քաղաքին մէջ ձերբակալուած է: Անիկա իսլամական
երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութեանց վերջին պարագան է: Մուրսի եւ Իսլամ
եղբայրները արգելափակուած են Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի գտնուած բանտին
մէջ: