2013-07-04 12:47:24

Ռուհանի Կառավարութեան Եւ Կրօնաւորներուն Կոչ Ուղղեց Քաղաքացիներու Անձնական Կեանքին Միջամտելէ Դադրելու


Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանի կառավարութեան եւ կրօնաւորներուն կոչ ուղղեց իրանցի քաղաքացիներուն անձնական կեանքին մէջ միջամտութիւնը դադրեցնելու, համացանցի օգտագործման ազատութիւն պահանջեց եւ կառավարական լրատուամիջոցները քաջալերեց Իրանի դիմագրաւած հարցերու անդրադարձներուն մէջ կարելի եղածին չափ թափանցիկութիւն ցուցաբերելու:
Ռուհանի Թեհրանի մէջ կրօնաւորներուն յայտնեց, որ «պէտք է կառավարութեան եւ կրօնաւորներուն միջեւ որեւէ վիհ չգոյանայ, մասնաւորաբար այնպիսի պահու մը, երբ մարդիկ իրենց յոյսերը կը կապեն ընկերութեան մէջ որոշ փոփոխութիւն մը տեսնելուն»:
Ան ըսաւ, որ հասարակութիւնը ուժեղ կառավարութեան մը պէտք ունի, սակայն անոր գոյութիւնը չի նշանակեր բոլոր հարցերուն միջամտել:








All the contents on this site are copyrighted ©.