2013-07-04 12:59:10

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Շեշտեց, Որ Ապօրինի Զէնքը Պատճառ Կը Դառնայ Ապօրինի Այլ Զէնքերու


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Նիստէն ետք Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանան կը շրջանցէ ճակատագրական ցաւալի հանգրուան մը, որուն ճակատագիրը կրնայ անորոշութեան մատնուիլ, եթէ լիբանանցիները չամրապնդեն իրենց ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը եւ կառչած մնան սահմանադրական հաստատութիւններուն:
Մարոնի եպիսկոպոսները շեշտեցին, որ լիբանանցիները դժգոհ են համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններէն եւ տարբեր շրջաններու մէջ ապօրինի զէնքին գոյութենէն:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլորին խղճի կեցուածք մը որդեգրելու եւ հաշտութեան ու երկխօսութեան հանգրուան մը սկսելու` հիմնուելով ազգային գոյակցութեան, պետութեան եւ բանակին նեցուկ կանգնելու անհրաժեշտութեան վրայ:
Մարոնի եպիսկոպոսները կարեւոր նկատեցին, որ զինեալ խմբաւորումները վերջ տան իրենց գործունէութեան` ի նպաստ ապահովական պետական զինեալ ուժերուն գործունէութեան: Անոնք նկատել տուին, որ ապօրինի զէնքը պատճառ կը դառնայ ապօրինի այլ զէնքերու: «Այդ պարագային է, որ կը տիրէ անտառի օրէնքը, ինչ որ լիբանանցիներուն կողմէ մերժելի է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց խորհրդարանին ձախողութիւնը` ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու առումով: Խորհուրդը քննադատեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդին աշխատանքը դիտումնաւոր կերպով խոչընդոտելու քայլերը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մատնանշեց երկրին տնտեսական եւ ընկերային խոցելի իրավիճակը` հարց տալով, որ նման կացութեան պարագային քաղաքական աշխատանքը ի՞նչ արժէք ունի:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց արաբական եւ միջազգային ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ սուրիացիներուն որդեգրելու քաղաքական լուծում մը եւ երկխօսութեան ընդմէջէն բանակցելու արդար եւ ամբողջական խաղաղութեան շուրջ:
Մարոնի եպիսկոպոսները խստիւ դատապարտեցին սուրիական տագնապին լիբանանեան կողմերուն միջամտութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նաեւ շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թիւը արդէն իսկ շրջանցած է մէկ միլիոնը եւ սկսած է լիբանանեան պետութեան բեռը ծանրացնել, հետեւաբար անոնք կոչ ուղղեցին միջազգային եւ արաբական ընտանիքներուն` օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ տոկալ սուրիացի գաղթականներու կարիքներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.