2013-07-04 12:49:25

Հայերէնը՝ Աշխարհի Ամէնէն Ինքնատիպ Լեզուներու Տասնեակին Մէջ


Հայերէնը ներառուած է աշխարհի ամէնէն ինքնատիպ լեզուներու տասնեակին մէջ՝ 239 լեզուներու ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք՝ ան յայտնուած է 9-րդ տեղը: Այդ ցանկին առաջին դիրքը կը գրաւէ միշտեքեան լեզուն, զոր կը գործածէ 6000 մարդ՝ Մեքսիքայի Օահակա նահանգին մէջ, կը գրէ «Ֆորըն փոլիսի»ն։
Գիտնական Թայլըր Շնէօպելենն ու լեզուաբանական տեղեկատուութեան մշակման «Idibon» ընկերութեան հետազօտողները՝ օգտագործելով լեզուական կառուցուածքներու համաշխարհային քարտէզը, լեզուներուն տուած են քոտեր՝ 21 բնութագրիչներով:
Երկրորդ ինքնատիպ լեզուն նենեցական լեզուն է, զոր կը գործածուի Սիպիրի մէջ:
Բայց եւ այնպէս, արտասովոր լեզուներէն քանի մը հատը լայնօրէն տարածուած են: Արեւելահայերէնը կը գրաւէ 9րդ դիրքը. անոր կը յաջորդէ գերմաներէնը: Անգլերէնը 33րդ դիրքին վրայ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.