2013-07-04 13:27:27

Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Դաշնակցութեան Կոչը Պաշտպան Հանդիսանալու Հարստահարուած Քրիստոնեաներուն։


''Քրիստոնեաները աշխարհի ամէնէն աւելի հալածուած հասարակութիւնն են։ ''
Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու դաշնակցութեան պատուիրակները, վերջերս վճռագիր մը որդեգրած են հայող հալածանքի զոհ քրիստոնեաներուն։ Բնագիրը կը յիշեցնէ որ քրիստոնեաները աշխարհի ամէնէն հալածուած կրօնական հասարակութիւնն են, մասնաւորապէս ''արեւելեան գարուն'' աշխարհամասին մէջ, ուր քրիստոնեաները պատանդ են մահմետական ծայրայեղ հոսանքներուն։
Բողոքական 26 եկեղեցիներու 70 պատուիրակները վճռակամութեամբ կոչ կ'ընեն միջազգային հասարակութեան պայքարելու քրիստոնեայ համայնքներու դէմ գործադրուած խտրականութեան ու հարստահարումին, մատնանշելով որ քաղաքականութեան նպատակն է պաշտպանել մարդու ազատութիւնը ու կրօնական ազատութիւնը ու այս ուղղութեամբ հարկաւոր է պարտադրել յարգանքը խիղճի, գաղափարի, ու ժողովելու ազատութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.