2013-07-03 14:17:22

Ֆրաչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
''Անհրաժեշտ Է Խնամել Յիսուսի Վէրքերը Մեր Եղբայրակիցներուն Մէջ''


Այսօր չորեքշաբթի 3 յուլիս 2013-ի կէսօրին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Մատենադարանի եւ Արխիւներու պատասխանատու` գերապայծառ Ժան Լուի Պրուկէսի հետ, մինչ վաղը 4 յուլիսին` Նորին Սրբութիւնը պիտի ընդունի Իտալիոյ Վարչապետ Էնրիքօ Լեդդան։

Չորեքշաբթի 3 յուլիսի առաւօտեան Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ մատուցած Սուրբ Զոհի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր քարոզին մէջ, խօսելով Սուրբ Թովմասի մասին, որուն տօնը կը նշուի այսօր, մատնանշեց թէ ''Աստուծոյ հանդիպելու համար անհրաժեշտ է խնամել Յիսուսի վէրքերը մեր անօթի, աղքատ, հիւանդ եւ բանտարկեալ եղբայրներուն մէջ։ ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Թովմաս առաքեալի փորձառութեան Յիսուսի Յարութենէն ետք։ Յիսուս երեւեցաւ աշակերտներուն սակայն Թովմաս հոն չէր։ Յիսուս սպասեց մէկ շաբաթ որովհետեւ Ան գիտէ թէ ինչ կ՛ընէ։ Մեզմէ ամէն մէկուն ժամանակ կու տայ մտածելու։ Թովմաս թերահաւատ էր սակայն Տէրը ուզեց թերահաւատի մը միջոցաւ մեզի հասկցնել աւելի մեծ Բարիք մը - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա հաստատեց թէ Յիսուսի վէրքերը կը գտնուին ''քու եղբօրդ մէջ որ անօթի է, ծարաւի է, մերկ է, խոնարհած է, ստրուկ է, բանտարկեալ է, հիւանդ է։ Ասոնք են Յիսուսի վէրքերը այսօր. եւ Յիսուս այսօր մեզմէ կը խնդրէ հաւատքի ներգործութիւն մը։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց ըսելով ''Խնդրենք Սուրբ Թովմասէն շնորհքը քաջութիւն ունենալ մխրճելու մեր մատը Յիսուսի վէրքերուն մէջ, որպէսզի ընդունինք շնորհքը կենդանի Աստուածը փառաբանելու։''








All the contents on this site are copyrighted ©.