2013-07-03 14:39:10

Հաւատոյ Տարի։ ''Քեզի կը վստահիմ'' - Նորընծաներու Եւ Նուիրեալ Անձերու Ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պետրոսի Դամբանին։


Հաւատքի տարուայ առթիւ 4-էն 7 Յուլիս , տեղի կ՛ունենայ Նորընծաներու եւ նուիրեալ անձերու ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոսի դամբանը։ Ձեռնարկին բնաբանն է ''Քեզի կը վստահիմ''։

Կիրակի 7 յուլիսին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, առաւօտեան ժամը 9,30-ին նախատեսուած է, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, Սուրբ պատարագի եզրափակիչ արարողութիւնը որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր Հայրական Օրհնութիւնը պիտի ջամբէ ներկաներուն։

Վերոյիշեալ նախաձեռնութեան կը մասնակցին աշխհարի 66 երկիրներէ ժանանած շուրջ 6000 երիտասարդ ու երիտասարդուհիները, որոնք կը հետեւին իրենց կոչումին։ Դէպի Սուրբ Պետրոսի դամբան ուխտագանցութիւնը , առիթ կ՝ընծայէ երիտասարդներուն Տօնելու եւ մեծ ուրախութեամբ վկայելու եկեղեցւոյ նոր աւետարանցման ծառայութիւնը ։
Ուխտագնացութեան ընթացքին մասնակցողները առիթը պիտի ունենան վկայելու իրենց հաւատքը եւ խորացնելու իրենց անձնական յարաբերութիւնը Քրիստոսի հետ ինչպէս նաեւ համայն աշխհարին փոխանցելու իրենց ունեցած ուրախութեան որուն աղբիւրն ու ծագումը կը գտնուին Աստուծոյ յաւերժական Սիրոյ մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.