2013-07-03 10:12:01

Համաձայնութիւն Չգոյանալու Պարագային. Եգիպտական Բանակը Կը Սպառնայ Այսօր Սահմանադրութիւնը Առկախել Եւ Իշխանութիւնը Յանձնել Նախագահական Խորհուրդին


Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին վերջ գտաւ եգիպտական ընդդիմութեան կողմէ ճշդուած պայմանաժամը, որմէ ետք Եգիպտոսի ամբողջ տարածքին ընթացք առին ցոյցեր, որոնց մասնակցողներուն թիւը աննախադէպ էր: Իսլամ եղբայրները իրենց կարգին այլ հրապարակներու վրայ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի զօրակցող ցոյցեր կատարեցին: Երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ: Ցոյցերուն զուգահեռ ընթացք առաւ բանակցութեան հոլովոյթ մը:
Բանակային աղբիւրներ երէկ գիշեր «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ Եգիպտոսի զինեալ ուժերը ճամբու քարտէսի մը ծիրին մէջ պիտի առկախեն սահմանադրութիւնը եւ շուրայի խորհուրդը լուծարեն, եթէ Մուրսի եւ իր ընդդիմախօսները, մինչեւ բանակին կողմէ ճշդուած 48 ժամնոց պայմանաժամին աւարտը համաձայնութիւն չգոյացնեն` աւելցնելով, որ բանակը իշխանութիւնը պիտի յանձնէ նախագահական խորհուրդի մը:
Նշենք, որ բանակին կողմէ ճշդուած պայմանաժամը կ՛աւարտի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:







All the contents on this site are copyrighted ©.