2013-07-03 10:15:08

Իբրեւ Պետութիւն Սուրիոյ Փրկութեան Ռուս-Ամերիկեան Յանձնառութիւն. Քերրի. «Ուաշինկթըն Եւ Մոսկուա «Ժընեւ-2»-ի Մօտալուտ Գումարումը Կ՛ուզեն»


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ Ասիական անվտանգութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Պրունայի մէջ 90 վայրկեան տեւած իր հանդիպումէն ետք, ամերիկեան դեսպանատան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ թէ՛ Միացեալ Նահանգներ եւ թէ՛ Ռուսիա Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովի մը գումարման, արիւնահեղութեան վերջ տալու համար փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան եւ «Սուրիոյ պետութեան փրկութեան» լրջօրէն յանձնառու են:
Ան ըսաւ, որ երկու երկիրները կը հաւատան, որ խորհրդաժողովը շուտով պէտք է գումարուի, սակայն կը գիտակցին, որ այդ մէկը օգոստոսին կամ անկէ ետք կարելի կրնայ ըլլալ:
«Մեր նպատակը կը մնայ նոյնը` ըմբռնել, թէ իբրեւ երկիր Սուրիան պահող զինուորական յաղթանակ մը իսկապէս գոյութիւն չունի, եւ թիւ 2` թէ մենք խաղաղ լուծման ուղղութեամբ աշխատելու պարտաւորութիւն մը ունինք, որովհետեւ խաղաղ լուծում մը Սուրիոյ պետութիւնը փրկելու եւ քանդումը նուազեցնելու լաւագոյն ուղին է», ըսաւ Քերրի:
Լաւրով մերժեց Քերրիի հետ իր հանդիպումը մեկնաբանել եւ բաւարարուեցաւ լրագրողներուն ըսելով, որ հանդիպումը «սքանչելի» էր:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտնեց, որ «Արեւմուտքը չ՛ուզեր, որ սուրիական տագնապը աւարտի»` նշելով, որ «տագնապին շարունակումը եւ ներսուրիական կռիւները անոնց եւ Իսրայէլի շահերէն կը բխին, իսկ անոնց յաջորդ նպատակը նոր Միջին Արեւելք ստեղծելու համար շրջանի երկիրները, որոնց շարքին Իրաքն ու Լիբանանը ներքաշելն է այդ տագնապին մէջ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.