«Ուիքիլիքս» Հրապարակեց Այն Երկիրներու Ցանկը, Որոնցմէ Սնոուտըն Քաղաքական Ապաստան Խնդրած
Է
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Ուիքիլիքս» կայքէջը երէկ հրապարակած
է ցանկ մը աւելի քան քսան երկիրներու, որոնցմէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ
Սնոուտըն քաղաքական ապաստան խնդրած է: Մոսկուայի «Շերեմեթեւօ» օդակայանի տարանցիկ
գօտիին մէջ գտնուող Սնոուտըն քաղաքական ապաստան խնդրած է Ռուսիայէն, Աւստրիայէն, Պոլիվիայէն,
Պրազիլէն, Վենեզուելայէն, Գերմանիայէն, Հնդկաստանէն, Իրլանտայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն,
Չինաստանէն, Քուպայէն, Հոլանտայէն, Նիքարակուայէն, Նորվեկիայէն, Լեհաստանէն, Ֆինլանտայէն
եւ Էքուատորէն: Յիշեցնենք, որ Սնոուտընի տրամադրած նիւթերուն հիման վրայ բացայայտուած
է ամերիկեան յատուկ ծառայութիւններու գործունէութիւնը. յատուկ ծառայութիւնները մասնաւորաբար
գաղտնալսումներ կատարած են Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող 38 դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու
մէջ: Երկուշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնած էր, որ Սնոուտըն կրնայ
Ռուսիոյ մէջ մնալ, եթէ ուզէ եւ «չվնասէ ամերիկեան իշխանութիւններուն»: Նշենք, որ Սնոուտըն
չի կրնար օդակայանի տարանցիկ գօտին լքել, որովհետեւ, ըստ լրատուամիջոցներու, Միացեալ
Նահանգներու իշխանութիւնները անոր ամերիկեան անցագիրը չեղեալ նկատած են: