Երեքշաբթի 2 յուլիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 7-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս
Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցեց առօրեայ սուրբ պատարագ որուն ընթացքին արտասանած իր
քարոզին մէջ ականրկեց ''մեղքին'' ու ''մեղաւորի իրավիճակին''։ ''Յաճախ դժուար է ապրուած
մեղքի վիճակէ մը դուրս գալ - ըսաւ Քահանայապետը։ Աստուծոյ ձայնը մեզ կը յորդորէ ''փախչիլ''։
Որովհետեւ տկար ենք ու անկարող մարտնչելու մեղքին դէմ։ Մեր քաջութիւնը շատ անգամ պէտք
է արտայայտուի ''փախուստի'' մէջ առանց ետ դառնալու եւ յարատեւօրէն մեր աչքերը սեւեռելով,
անվախ, Տիրոջ։''
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը միշտ առաւօտեան
ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրին ու ապա
Կղերի Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Մաուրօ Բիաչէնցան։
Մինչ նշենք թէ Քահանայապետական
թուիթթերեան կայքի վրայ, յուլիս 2-ի առաւօտեան, հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը` ''Կարելի
չէ ապրիլ որպէս քրիստոնեայ առանց այն Վէմին որ է Քրիստոս։ Քրիստոս մեզի կու տայ ույժ
եւ զօրութիւն ինչպէս նաեւ երջանկութիւն ու համերաշխութիւն։''