Յուլիս ամսուայ համար Սրբազան Քահանայապետը որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրած է`
-
որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն` որպէսզի երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, որ տեղի
կ՛ ունենայ Պրազիլի մէջ, քաջալերէ բոլոր քրիստոնեայ երիտասարդները ըլլալու Աւետարանի
առաքելութեան աշակերտներ։
- իսկ որպէս միսիոնարական աղօթքի դիտաւորութիւն` որպէսզի
Ասիական բոլոր ցամաքամասին մէջ բացուին դռները` Աւետարանի պատկամաւորներուն առջեւ։