2013-07-02 10:39:09

Խօսիլ Այսօր՝ Յոյսի Մասին


Քրիստոնեաներ եւ այլ կրօններու հետեւողներ չեն դադրիր օրուան մէջ յաճախակի կոչ ընելու Աս-տուծոյ, յայտնելով իրենց Յոյսը Անոր հանդէպ, կամ յիշելու խօսակցութեան ընթացքին իրենց վստահութիւնը Անոր ողորմութեան նկատմամբ։ Սովորական եւ անհրաժեշտ ապրում մըն է այս, զոր անընդհատ կը լսենք անոնց շրթունքներէն: Անոնք կ'ապրին զայն տիւապէս, զայն դարձնելով իրենց կեանքին էական մասը, ինգպէս՝ շնչառութիւնը:
Գիտակից քրիստոնեաներս, ոգեւորուած ճշմարիտ ու կենարար հաւատքով, սիրասուն եւ գիտակից վկաները աստուածային սիրոյն, որ կ'արծարծէ ոչ միայն հոգիները եւ մտքերը, այլ նաեւ մեր ամբողջ էութիւնը, հարց կու տանք մենք մեզի, թէ գաղջ քրիստոնեաները եւ միւս կրօններու հաւատացեալները ի՞նչպէս կ’ըմբռնեն Յոյսը՝ նիւթապաշտ աշխարհի մը մէջ, ուր միայն մարմնապաշտ եւ անձնակեդրոն հաճոյքներու եւ կիրքերու չաստուածը կ’իշխէ, եւ ուր զանազան տագնապներ եւ խեղճութիւններ կը հարուածեն համայն մարդկութիւնը։ Ան իմաստ մը ունի՞: Ան կ'ապահովէ՞ իրենց երջանկութիւնը: Ան կը համապատասխանէ՞ իրենց ակնկալածին: Յոգնած չե՞ն միթէ ու յուսախաբ՝ իրենց աղօքներուն պատասխանին յապաղումէն, կարծես Աստուած ,խուլե ու ,համրե մը դարձած է իրենց պաղատանքներուն: Յոյսը, զոր կը յիշեն յաճախ, գոյութիւն ունի՞: Եթէ պատասխանը դրական է, ինչո՞ւ մտահոգ են ապագայով եւ դժգոհ՝ ցաւալի ներկայէն: Ինչո՞ւ ան չ'ապահովեր անոնց խաղաղութիւնն ու խղճի հանգստութիւնը: Ինչո՞ւ իրենց նեղութիւններուն ընթացքին վստահութեամբ չեն ապաւինիր Աստուծոյ հայրութեան: Ինչո՞ւ այսքան ատելութիւն ու կռիւներ իրարու միջեւ։
Եթէ այսպիսիններուն հարցնենք. Ի՞նչ է ձեզի համար յոյսի առաքինութիւնը: Անվարան կը պատասխանեն, թէ իրենց յոյսը Աստուած է։ Ուղիղ է իրենց պատասխանը: Սակայն ինչպէ՞ս կը յուսան Աստուծոյ: Այս պարագային կը շօշափենք անոնց ,պատրանքեն ու ,տգիտութիւնեը: Իրենց քրիստոնէական ինքնութիւնը չէ դրոշմուած իրենց սրտերուն մէջ եւ հաւատքը շատ մակերեսային է ու զուրկ գործերէ: Յոյսը իրենց շրթունքներուն վրայ է եւ ոչ՝ դրոշմւած իրենց կեանքին մէջ եւ գործերով՝ արտայայտուած: Ան արմատացած է իրենց մտքին ու կամքին մէջ եւ կը դառնայ իրենց ,եսեին շուրջ, փոխանակ զայն ընդունելու Աստուծոյ կամքէն ու իմաստութենէն եւ հիմնուած ըլլալու բոլորին հանդէպ Անոր ունեցած անհուն սիրոյն մէջ: Յիսուս կ՚ ըսէր. ,Այս ժողովուրդը զիս շրթունքներով կը պատուէ, սակայն անոր սիրտը հեռու է ինձմէ (Մատթ. ԺԵ, 8)
Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն, սակայն օրուան մէջ պահիկ մը իսկ չեն յատկացներ Աստուծոյ՝ զինք փառաբանելու եւ մտերմաբար հետը խօսակցելու համար: Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն, սակայն իրենց ծարաւը չեն յագեցներ ճշմարիտ Կեանքի աղբիւրէն, Ս. Գիրքէն, Տիրոջ կենարար Խօսքէն: Ճիգ չեն թափեր՝ ճանչնալու Աստուծոյ կամքը, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն մտքին եւ հոգիին ընծայողը, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ լիութեամբ։ Անոնք կը շփոթեն ճշմարիտ, արդար եւ յաւիտենական Աստուածը հեթանոս չաստուածներու հետ։ Իրենք զիրենք քրիստոնեայ կը հռչակեն, սակայն կլանուած ու ընկճուած են օրուան հոգերով ու կեանքի սրտմաշուքներով: Հեթանոսներուն նման կը յուսան հեռաւոր թէեւ ամենահզօր Աստուծոյ մը, որ կարող է պտղաբերել նիւթական հարստութիւնները, բժշկել՝ հիւանդութիւնները, պաշտպանել՝ չարէն, ապահովել՝ հանգստաւէտ եւ բարօր կեանք մը, միշտ հնազանդելով մարդուն քմահաճոյքին եւ հրամանին:
Յոյսը դնել Աստուծոյ վրայ՝ կը նշանակէ գտնել հոգիի գոհունակութիւնը, անդորրութիւնն ու բարելաւումը, զի Տէրն է միակ աղբիւրը յոյսին։ Հաւատոյ հանգանակին մէջ, կը նկատենք որ յոյսը ներգործութիւն մըն է, որ տեսանելի աշխարհէն կը բարձրացնէ մեզ դէպի անտեսանելի աշխարհը դէպի յարութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը. ,ի յարութիւն մեռելոց եւ ի կեանսն յաւիտենականսե։
Քրիստոնէական Յոյսը անբաժան է Սիրոյ առաքինութենէն, որ կը հրաւիրէ մեզ՝ հետեւիլ աստուածային Իմաստութեան կանչին, այսինքն՝ հրաժարիլ մեր ,եսեէն, մեր անձնասիրութենէն եւ ապրիլ խոնարհ, անկեղծ, անձնուէր եւ ճշմարտապէս եղբայրասէր։ Առանց իսկական սիրոյն, անհուն եւ անխառն կերպով արտայայտուած, Յիսուս Քրիստոսի մէջ, ոչ հաւատքը եւ ոչ յոյսը կրնան գոյութիւն ունենալ։ Անձ մը, որ կ’ապրի միմիայն ինքնիրեն համար եւ միայն կ'օգտուի ուրիշներէն, տխուր անձ մըն է եւ դժկամակ։ Երբ անշահախնդիր կերպով եւ սրտաբաց կը մօտենանք ուրիշներուն՝ մեր եղբայրներուն եւ մանաւանդ տկարներուն ու կարօտեալներուն հանդէպ, այն ատեն կ'աճի մեր մէջ' յոյսն ու հաւատքը, որոնք մեզ կ'առաջնորդեն յաւիտենական Կեանքին: Որքան արծարծենք մեր մէջ սէրը, այնքան Յոյսը կ'աւելնայ ու անսասան կը մնայ Աստուծոյ հանդէպ որ երբեք մեզ յուսախաբ չի թողուր:







All the contents on this site are copyrighted ©.