2013-07-02 08:25:45

Խրուաթիա Պաշտօնապէս Դարձաւ Եւրոպական Միութեան 28-րդ Անդամը


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Խրուաթիա պաշտօնապէս դարձաւ Եւրոպական Միութեան անդամ, ինչ որ երկրի նախագահ Իւօ Եոսիփովիչ պատմական մեծ եւ ուրախալի իրադարձութիւն մը որակած է:
Այս առիթով Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի բնակիչները դուրս եկած են կեդրոնական հրապարակ եւ հրավառութեամբ, երաժշտութեան ու Պեթհովենի «Ձօն ուրախութեան» երկով տօնած են իրադարձութիւնը:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ բնակչութեան ոգեւորութիւնը որոշ չափով նուազ եղած է Եւրոյի գօտիի ճգնաժամին, ինչպէս նաեւ Խրուաթիոյ տնտեսական խնդիրներուն պատճառով:
Խրուաթիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար դիմած էր տասը տարի առաջ:
Ըստ որոշ խրուաթներու, լուրջ խնդիրներ ունեցող կառոյցին անդամակցիլը Խրուաթիոյ տնտեսութեան բարելաւման վրայ քիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Բացի ատկէ, Եւրոպական Միութեան որոշ ղեկավարներ լուրջ մտավախութիւն ունին` կապուած Խրուաթիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող փտածութեան ու կազմակերպուած յանցագործութեան հետ: Այդ իսկ պատճառով երկիրը տակաւին պիտի չմիանայ միասնական դրամանիշին ու Շենկենեան գօտիին:







All the contents on this site are copyrighted ©.