«Ովասիս 2013» Ամառնային Ծրագիրը Սկսաւ նոր Եռանդով Եւ Իւրայատուկ Ծրագիրներով
Շաբաթ, 30 Յունիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2013» ամառնային
ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին քննութեան առարկայ դարձաւ «Ովասիս»-ի
ծրագիրը, աշխատանքներն ու գործընթացը: Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար
Գալուստ նշեց, որ այս տարի «Ովասիս»-ի 15-ամեակն է, եւ այս շրջագիծին մէջ պիտի իրականան
15-ամեակի իւրայատուկ նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին է քերմէսի եւ ճաշկերոյթի կազմակերպումը: Անձնակազմին
մաս կազմող նոր անդամներուն ծանօթացումէն ետք, պրն. Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ այս տարի
նախկին ովասիսականներ արդէն մաս կը կազմեն «Ովասիս 2013»-ի տեսչական կազմին, ինչ որ սերնդափոխութեան
եւ գոյատեւման լաւ ցուցանիշ է: Մեսրոպեանի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ այս տարի եւս «Ովասիս»-ը
կ՛արձանագրէ նոր ոստումներ եւ առողջ ու հայեցի դաստիրակու-թեամբ կը ստեղծէ օգտակար, խանդավառ
ու ուրախ մթնոլորտ: Ապա «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու տիկին Գարոլին Թերզեան
ներկայացուց «Ովասիս»-ի ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ աշխատանք-ներու բաժանումը: Տիկին
Թերզեան մաղթեց, որ յառաջիկայ տարեշրջաններուն «Ովասիս»ը կ՛ունենայ նոր ճիւղաւորումներ
եւ աշխատանքներու նոր հորիզոններ: Իսկ այսօր, առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ «Ովասիս
2013» ամառնային ծրագիրի մասնակից աշակերտները ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն ժամանեցին
դպրոց: Ժամը 10:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ
«Ովասիս»-ի ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը: Բացման պաշտօնական արարողութենէն
ետք, մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց
դասարանները, ուր սկսաւ «Ովասիս»-ի գործունէութիւնը: Յայտնենք, որ «Ովասիս 2013» ամառնային
ծրագիրը ունի փոքրերու (3-7) եւ մեծերու (8-13) խումբեր, որոնք բաժնուած են 10 դասարաններու
մէջ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անուններ: Ծրագիրը իր
աւարտին կը հասնի 24 Օգոստոս 2013-ին: ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԵՍՉԱԿԱՆ
ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ