2013-07-01 14:42:46

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Դրական Ազդեցութիւնը Ոչ-Կառավարական Մարդասիրական Մարմիններու Ի Նպաստ


''Մարեմեան ճաշեր'' կոչուած'' Սգովտիական մարմինը սնունդ կու տայ 750 հազար մանուկներու։

Ներկայիս ''Մարեմեան ճաշեր'' կոչուած'' սգովտիական բարեսիրական մարմնի գնահատումով, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մշտատեւ միջամտութիւններու շնորհիւ, աղքատներու ի նպաստ նուիրատուութիւնները բազմապատկուած են, յայտարարած է MacFarlane-Barrow` Սգովտիական ոչ-կառավարական մարդասիրական մարմնի հիմնադիրը, որ աշխարհի իր կեդրոններու մէջ սնունդ կը բաշխէ աւելի քան 750 հազար մանուկներու։
MacFarlane-Barrow` անցեալ 25 յունիսին հանդիպում ունեցած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Ան իր բարեսիրական աշխատանքը սկսաւ 2002 թուին Մալաուայի մէջ` Ափրիկէի հիւսիս-արեւելեան շրջանը։ Ապա յաջորդաբար իր բարեսիրական գործունէութիւնը տարածեց մասնաւորապէս Հնդկաստան, Ափրիկէ, Հայիթի ու Փիլիպեան կղզեխումբ։ Ան միշտ աշխատած է կապ ստեղծել սնունդի ու դաստիարակութեան միջեւ, շահագործելով սնունդի բաշխումը որպէս միջոց դաստիարակութեան










All the contents on this site are copyrighted ©.