2013-07-01 15:06:25

Սուրիոյ Գամիշլի Քաղաքի Մէջ գտնուող, “Մատինէթ ալ Շապապ” Ճաշարանին Մօտ, Պայթած է Ձայնային Ռումբ Մը


Ժամեր Առաջ Գամիշլիի Մէջ Պայթած Ռումբը Ձայնային է. Մահացած է Աղջնակ մը
Մօտ երկու ժամ առաջ, Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի մէջ գտնուող, “Մատինէթ ալ շապապ” ճաշարանին մօտ, պայթած է ձայնային ռումբ մը՝ սարսափ յառաջացնելով մինչեւ հեռաւոր թաղամասեր։ Ռումբը տեղադրուած եղած է աղբի մէջ, աղջնակ մը աղբը ձեռնելէն ետք ռումբը պայթած է, աղջնակը տեղափոխուած է հիւանդանոց եւ այնտեղ մահացած։
Պայթիւնի հետեւանքով եղած են նիւթական վնասներ, ոչ ստոյգ տեղեկութիւններով կը խօսուի նաեւ այլ թեթեւ վիրաւորներու մասին։
Նշենք, որ Գամիշլիի մէջ յաճախ կը պայթեցնեն ձայնային ռումբեր՝ դեռ խաղաղ քաղաքին մէջ սարսափ յառաջացնելու նպատակով։







All the contents on this site are copyrighted ©.