2013-07-01 15:06:16

Ռայի Պատրիարքը Հաշտութեան Կոչ Ուղղեց Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ հանդիսապետեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ եկեղեցւոյ եւ երկրին դիմաց տարբեր մարտահրաւէրներ եւ կարիքներ կան:
Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հաշտութիւն կնքելու եւ վերջ տալու տարակարծութիւններուն:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանին դիմագրաւած ներկայ հարցերը կարելի չէ լուծել` առանց Աստուծոյ հետ «խղճի հանդիպում» մը ունենալու:







All the contents on this site are copyrighted ©.