2013-07-01 14:50:11

Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքին Կոչը Զօրակցութեան Սուրիոյ Քրիստոնեաներուն Ի Խնդիր։


Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ պատրիարք` գերերջանիկ Կիւրեղ պատրիարքը կոչ ուղղած է զօրակցութեան` սուրիացի քրիստոնեաներուն ի խնդիր։ Իր այս հայրական կոչով Պատրաիրքը յանձնարարած էր երկրի բոլոր ժողովրդապետութիւնները դրամահաւաք կատարելու, կիրակի 30 յունիսին, օգնութեան հասնելու սուրիացի կարօտեալներուն։ Հաւաքուած գումարը պիտի ուղարկուի Տամասկոսի Անտիոքի պատրիարքութեան։ Ան իր այս կոչով կը յիշեցնէ որ երկու տարիէ Սուրիոյ մէջ կը տիրէ վիշտ ու ցաւը, որուն հետեւանքով տասնեակ հազարներ սպաննուած են, ներառեալ անմեղ քաղաքացիներ, ծերեր, կիներ ու մանուկներ։
Սուրիացի քրիստոնեաներն ու մահմետականները վարժ էին քով քովի խաղաղութեամբ ապրելու ու համագործակցելու այս աստուածաշնչական հողին վրայ։ Դժբախտաբար ներկայիս եկեղեցիներն ու սրբավայրերը սրբապղծուած են, քրիստոնեաները կը հալածուին, կը չարչարուին ու կը սպաննուին։ Ահա այս պատճառաւ մենք կանչուած ենք անտարբեր կեցուածք չունենալու եւ օգնութեան հասնիլու մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն - գրած է Կիւրեղ Պատրիարքը իր կոչին մէջ - ու եզրափակած է ըսելով` մենք ի վիճակի չենք պատերազմը դադրեցնելու սակային կրնանք եռանդով աղօթել անոր շուտափոյթ դադրեցումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.