2013-06-29 12:28:04

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Շաբաթ 29 յունիսին Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն տօնին առթիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Այսօր - ըսաւ Սրբազան Հայրը յատկապէս Հռոմի Եկեղեցւոյ տօնն է որ հիմնած են երկու նահատակ առաքեալները։
Սուրբ Պետրոս առաջին առաքեալն է որ խոստովանեցաւ թէ Յիսուս Քրիստոսն է
Աստուծոյ Որդին։ Իսկ Սուրբ Պօղոս այս պատգամը տարածեց Յոյն եւ հռոմէական աշխարհին մէջ։ Նախախնամութիւնը ուզեց որ երկուքն ալ հասնին Հռոմ եւ իրենց արիւնը թափէն հաւատքի համար։ Ասոր համար Հռոմի եկեղեցին դարձաւ հայեցակէտը բոլոր եկեղեցիներուն` տարածուած համայն աշխարհին մէջ։ Ոչ թէ Հռոմէական Կայսրութեան իշխանութեան հետեւանքով այլ նահատակութեան ուժով ու անոնց Քրիստոսի մասին տուած վկայութեան հետեւանքով։ Խորքին մէջ միայն եւ ընդ միշտ Քրիստոսի Սէրն է որ սկիզբ կու տայ հաւատքին եւ Եկեղեցին յառաջ կը տանի։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց նաեւ Անդրէաս առաքեալին եւ յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց Կ. Պոլսոյ պատրիարքին յանուն բոլոր ներկաներուն։ Ան ապա խնդրեց հաւատացեալներէն որ աղօթեն Պալիում ստացող
Մետրողոլիտներուն դիտաւորութեան ու ապա բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.