2013-06-29 10:52:58

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Նորնտիր Մետրոպոլիտներուն Շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնն ու Միութիւնը Խորհրդանշող ՜՜Պալիում՝՝ ը։


Շաբաթ 29 յունիսի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ` Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 35 նոր Մետրոպոլիտներուն շնորհեց Եկեղեցական Հաղորդութիւնն ու Միութիւնը Խորհրդանշող ''Պալիում'' ։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց օրուան տօնակատարութեան ու ապա ողջունեց Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը ու ներկայ գտնուող դիւանագիտական անձնակազմը ու քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայացուցիչները։
Սրբազան Հայրը հուսկ ներակայացուց Հռոմի Եպիսկոպոսի առաքելութեան ''հաստատել'' բայի մասին երեք խորհրդածութիւններ։
Նախ ''Հաստատել Հաւատքի մէջ''։ Սուրբ Պետրոսի եկեղեցական ծառայութիւնը իր արմատները կը գնտէ Հաւատքի Դաւանանքի մէջ ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումին ուր Յիսուս Սուրբ Պետրոսը կը հաստատէ որպէս ''Ժայռ որուն վրայ պիտի հիմնէ իր Եկեղեցին։''
Երկրորդ խորհրդածութեան նիւթը եղաւ` ''Սիրոյ մէջ հաստատել''։ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Սուրբ Պօղոսի Տիմոդէոսի ուղղած նամակին որուն մէջ առաքեալը կը յայտնէ թէ ''մինչեւ վերջ պայքարեցայ բարի պայքարս, աւարտեցի վազքս, պահեցի հաւատքս։ Մարտիրոսութեան պայքարն է - ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Սուրբ Պօղոսի միակ զէնքը ''Քրիստոսի Պատգամն է եւ Քրիստոսի եւ ուրիշներու համար կեանքի նուիրումը''։ Հռոմի եպիսկոպոսը կանչուած է ապրելու եւ հաստատելու Քրիստոսի եւ բոլորին հանդէպ սիրոյ մէջ, առանց խտրականութեան, առանց սահմանի եւ արգեքլներու։ Ան ապա խօսեցաւ Միութեան մէջ հաստատելու մասին ակնարկելով ''Պալիումի'' ն, որպէս խորհրդանիշ միութեան ու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ հաղորդութեան։
Եկեղեցւոյ մէջ տարբերութիւնները մեծ հարստութիւն մըն են որ միաւորումի ներդաշնակութեան մէջ կը ձուլուի, մեծ խճանկարի մը նման որուն կտորները միասին կը ձեւաւորեն Աստուծոյ մեծ ծրագիրը։ Միացած տարբերութիւններու մէջ` Այս է Յիսուսի ճանապարհը - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսքը եզրափակեց յորդորելով ներկաները` ''Դաւանիլ Տէրը, թողելով որ Աստուած մեզ դաստիարակէ, հալիլ Քրիստոսի ու անոր աւետարանի սիրոյ մէջ, եւ ըլլալ միութեան ծառաներ։'' Ան ապա հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ըսաւ` Առաքեալներու Թագուհի աղօթեայ վասն մեր։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.