2013-06-29 12:23:23

Քերրիի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Իսրայէլի Կառավարութիւնը Կը Բացառէ Պաղեստինցիներուն Հետ Մօտալուտ Հանդիպումի Մը Կայացումը


Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարար Ուզի Լանտօ Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք բացառեց պաղեստինցիներուն հետ մօտալուտ հանդիպումի մը կայացումը:
Ան «Իսրայէլեան բանակ» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ կը յուսայ, որ Քերրի իր առաքելութեան մէջ յաջողի, սակայն Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հանդիպումին համար պայման դրաւ, որ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ետդարձ կատարէ 1967-ի սահմանները բանակցութեան հիմք նկատելու, բնակեցման աշխատանքները դադրեցնելու եւ պաղեստինցի գերիները ազատ արձակելու իր պահանջներէն:
«Մեզմէ կը պահանջեն յանձնառու ըլլալ 1967-ի սահմաններուն եւ Արեւելեան Երուսաղէմը պաղեստինեան պետութեան մայրաքաղաք յայտարարել, եթէ բանակցութեանց չափանիշը այս է, ապա ինչո՞ւ բանակցութեան մէջ պիտի մտնենք: Ասոնք բանակցութեանց աւարտի չափանիշներ են», ըսաւ Լանտօ:







All the contents on this site are copyrighted ©.