2013-06-29 11:09:13

Զահլէի Մէջ Պայթում


Զահլէի մայրուղիին վրայ երէկ առաւօտեան հեռուէն պայթեցուած են երկու ռումբեր, որոնք միացուած էին ականի մը: Ըստ անպաշտօն տեղեկութիւններու, պայթումը թիրախ պիտի դարձնէր Հըզպալլայի պատկանող շքախումբ մը:
Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերուն Թրիփոլիի կեդրոնին վրայ անծանօթի մը կողմէ ձեռնառումբ մը նետուած է: Արձանագրուած են նիւթական վնասներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.