2013-06-28 12:10:48

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Պատուիրակութիւնը։


Ուրբաթ 28 յունիսի առաւօտեան` ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութենէն Պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Իոաննիս Զիզիուլաս Մետրոպոլիթի, որ Հռոմ ժամանած է մասնակցելու համար ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ նախատեսուած արարողութիւններուն։
Երկատարեւ աւանդութեան մը համաձայն Կ.Պոլսոյ մէկ պատուիրակութիւն մը, ամէն տարի 29 յունիսին, Հռոմ կը հասնի մասնակցելու ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնախմբութիւններուն։ Ի պատասխան այդ այցելութեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւն մը Պոլիս կ'այցելէ ս. Անդրիաս առաքեալի տօնին օրը։

Ֆարնչիսկոս Սրբազան Հայրը ապա ժամը 11,30-ին ընդունեց Մատրիտի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Մարիա Րօուքօ Վարէլան, ու ապա ժամը 12-ին ընդունեց Գոլոմպոյի Ասպետներու Աւագ Ասպետ` փրօֆ Գարլ Անտէրսոն։

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Պատուիրակութեան անդմաներուն արտասանած իր ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ ի Քրիստոս
յատուկօրէն ուրախ եմ ձեզ ընդունելու ջերմ բարի գալուստի զգացումներով` ''Հռոմի Եկեղեցւոյ'' մէջ որ կը տօնախմբէ իր պաշտպան սուրբերը Պետրոս եւ Պօղոս։ Ձեր ներկայութիւնը այս առթիւ նշան է մեր խոր կապերուն որ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մէջ կը միացնեն, Կ. Պոլսոյ եւ Հռոմի եկեղեցիները։ Այս բարի աւանդութիւնը որ սկիզբ առած է 1969-ին ինծի համար մեծ ուրախութիւն է եւ եղբայրական այս հանդիպումը հիմնական է միութեան ուղիով։
Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց Բարթողոմէոս Ա-ի վերյիշելով Տիեզերական Պատրիարքին հետ ունեցած իր հանդիպումը ու հաստատեց թէ քրիստոնեաներու միութեան ձգտումը այսօր աւելի քան երբեք հրամայական է, աշխարհի մը մէջ որ ծարաւ ունի ճշմարտութեան, սիրոյ, յոյսի, խաղաղութեան ու միութեան ու այս ուղղութեամբ կարեւոր է որ մենք կարենանք միաձայն վկայել Աւետարանը ու միասնաբար մատակարարել Սուրբ Խորհուրդները Քրիստոսի մէջ, նոր տենչով ։ Քաջ տեղեակ ենք -շարունակեց Քահանայապետը- որ միութիւնը Աստուծոյ պարգեւ մըն է եւ հարկ է որ այս դիտաւորութեան աղօթեմք որպէսզի այս շնորհքը իրականանայ։
Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Կաթողիկէ - Օրթոտոքս Աստուածաբանական երկխօսութեան միջեկեղեցական միջազգային խառն խորհուրդի տարած աշխատանքին, շնորհակալական խօսք ուղղելով անոնց քաջալերելով զանոնք յառաջ ընթանալու` երկխօսութեան ուղիով, որ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ հասնի ճշմարտութեան։
Խօսքը եզրափակելով ֆրանչիսկոս Պապը հայցեց Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու ու Անդրէաս առաքեալի բարեխօսութիւնը ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար որպէսզի Տէրը նեցուկ կանգնի ''Սուրբ Պետրոսի յաջորդի եւ Հռոմի Եպիսկոպոսի իր առաքելութեանս''։








All the contents on this site are copyrighted ©.