2013-06-28 12:51:00

Հաւատոյ Տարի
Հաւատքը Վկայելու Անհրաժեշտութիւնը


«Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (Մատթ. 28, 19-20):
Ասոնք եղան Յիսուսի վերջին խօսքերը, զորս Ան ուղղեց իր աշակերտներուն, որպէսզի շարունակեն իր Աստուածային առաքելութիւնը, եւ ազգէ ազգ փոխանցեն փրկչական աւետիսը:
Աւելի քան քսան դար անցաւ Յիսուսի գալուստին, եւ հարցումը կը մնայ միեւնոյնը. ի՞նչ կ՛ըսէ այս կոչը մեզմէ իւրաքանչիւրին` «Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ»:
Այս կոչը որոշ ազգի մը համար չէ եւ ո՛չ ալ որոշ մշակոյթի մը համար, որովհետեւ Աստուծոյ փրկչագործութիւնը ամբողջ աշխարհին համար է, քանի որ բոլորս ալ անխտիր, ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն:
Քրիստոսի վկային դերը կը նմանի դատարանի վկայի դերին. ան ճշմարտութիւնը կը վկայէ եւ կը պատմէ իր տեսածին համեմատ:
Այսօրուան աշխարհը դժբախտաբար լի է պատերազմներով, ոխով եւ նենգութեամբ, եւ վկային դերն է փաստել թէ ո՛չ սէրը գոյութուն ունի եւ ո՛չ ալ հաւատքը առանց անձնազոհութեան: Քրիստոսի վկան ըլլալու համար անհրաժեշտ է ուրեմն`
Յիսուսը ճանչնալ` անձնական փորձառութեամբ:
Մեղքերու խոստովանութիւնը կատարել Աստուծոյ:
Լեցուիլ Ս. Հոգիով, որովհետեւ Ինքն է որ պիտի յիշեցնէ Յիսուսին խօսքերը .
« Իսկ մխիթարիչը, Ս. Հոգին, զոր Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան»:
Քրիստոսը քարոզել ամբողջ աշխարհին:
Պատրաստ ըլլալ բոլոր պատահարներուն եւ անակնկալներուն, եւ ընդունիլ ձախողութիւնները յաջողութիւններուն նման:

Ուրեմն Տիրոջ կոչը` «Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը ... յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ: Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ինչ որ ես պատուիրեցի ձեզի եւ ես ահաւասիկ ձեզի հետ եմ ամէն օր` մինչեւ աշխարհի կատարածը» սովորական կոչ մը չէ, այլ հրաւէր մը ուղղոած ամբողջ մարդկութեան` կղերական եւ աշխարհական դասին, որպէսզի ձեռք ձեռքի տուած` կարենան աշխարհին կոչ ուղղել վերագտնելու Աստուծոյ պատկերը` սիրոյ եւ խաղաղութեան պատկերը:
Սուրբ Պօղոս Կորնթացիներու նամակին մէջ կ՛ըսէ . «Քրիստոս զիս ղրկեց ո՛չ թէ մկրտելու, այլ քարոզելու աւետարանը»: Ասոր համար է որեկեղեցւոյ տիեզերական ժողովները կը շեշտեն թէ Եպիսկոպոսի առաջին պարտականութիւնն է աւետարանել Աստուծոյ խօսքը եւ ինչ որ եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնն է, հարկ է վստահաբար ըլլայ նաեւ ամենակարեւոր գործը քահանային: Բայց ինչպէս որ աւետարանի պարզ ու կորովի քարոզութիւնը ունկնդիրներու փրկութեան պատճառ կ՛ըլլայ, նոյնպէս քահանային թեթեւ կենցաղը գայթակղութեան առիթ մըն է հաւատացեալներու կորստեան:
Հարկ է ուրեմն համոզումն ունենալ թէ քահանան ձեռնադրուած է գործադրելու համար կատարելութիւնը, այսինքն ոչ միայն կատարեալ ըլլալու, այլ նաեւ ցոյց տալու եւ դրոշմելու զայն ուրիշներու մէջ, իր օրինակով, իր խօսքերուն ազդեցութեամբ, քարոզութեամբ եւ կեանքին բոլոր գործերով: Դուք աշխարհի լոյսն էք, կ՛ըսէ Քրիստոս: Այս պատուէրը կը նշանակէ թէ ինչպէս լոյսը կը տեսնուի իր ճառագայթներով, այնպէս քահանան պէտք է փայլի իր սուրբ կեանքով, լոյս մը որ ճառագայթումն է իր ներքին սրբութեան:
Յիսուս այնքան վեհիմաստ արժէք ընծայեց խօսքին, իր քարոզած ճշմարտութեան որ պատգամաշեշտ հանդիսաւորութեամբ եւ ջինջ յստակութեամբ յայտարարեց. « երկինքը եւ երկիրը պիտի անցնին, սակայն իմ խօսքերս պիտի չ՛անցնին» (Մտթ. 24, 35)
Եւ արդարեւ այդ խօսքը մնաց, աճեցաւ եւ տարածուեցաւ առաքեալներու եւ անոնց միջոցաւ քրիստոնէութեան կոչուած անձերու, հաւատացեալներու խումբերուն եւ համայնքներու կեանքերուն մէջ:
Որքան խորիմաստ են ուրեմն գործք առաքելոց հեղինակին այս հակիրճ տողերը, զորս պէտք է դառնան իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքին բնաբանը. « Եւ Աստուծոյ խօսքը կ՛աճէր եւ կը բազմանար»:







All the contents on this site are copyrighted ©.