2013-06-28 12:12:56

ՀԱՊԿի Ծիրին Մէջ՝ Հայաստանի Մէջ Պիտի Ստեղծուի Միացեալ Օդուժ


Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան 27 Յունիսին տուած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի հետ. անոնք խօսած են ՀԱՊԿի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ Հայաստանի վերաբերող տարբեր խնդիրներու մասին։
Անդրադարձ կատարուած է ՀԱՊԿի ծիրին մէջ Հայաստանի մէջ ստեղծուելիք միացեալ օդուժին, որուն իբրեւ արդիւնք Հայաստանի օդուժը ոչ միայն քանակական աճ պիտի ունենայ, այլ նաեւ պիտի արդիականացուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.