Իրաքի Մէջ Պայթումներու Հետեւանքով Զոհուած է 22 Մարդ
Իրաքի մէջ պայթումներու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 22 մարդ: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի,
կը յայտնէ Reuters-ը: Պաղտատի հիւսիսը եւ հարաւը երկու պայթիւն որոտացած է սրճարանի
մը մէջ, ուր երիտասարդները կը դիտէին Ռէալ Մատրիտ-Պարսելոնայի ֆութպոլային ակումբներու
խաղը: Ոստիկանութեան եւ բժշկական աշխատողներու տուեալներով` զոհուած է ութ մարդ: Եւս
երկու պայթիւն որոտացած է Պաղտատէն հիւսիս-արեւելք 50քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պաագուպա
քաղաքին մէջ գտնուող սուրճի խանութներու մէջ: Զոհուած է տասը մարդ: Պաղտատէն հարաւ
65քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քաղաքի սրճարանի մը մօտ պայթումէն մահացած է երեք մարդ:
Մէկ մարդ ալ զոհուած է ռումբի պայթիւնէն, որ փակցուած եղած է անոր ինքնաշարժին վրայ: Վերջին
շրջանին Իրաքի մէջ ահաբեկչութիւններ տեղի կ’ունենան ամէն օր: ՄԱԿ-ի տուեալներով` 2013-ի
Ապրիլէն ի վեր այնտեղ զոհուած է 2000 մարդ: