Հինգշաբթի 27 յունիս 2013-ի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի
մէջ ընդունեց գերապայծառ Ճուզեփփէ Վերսալտին` Սուրբ Աթոռի Տնտեսական Հոգաբարձութեան Նախագահը
ու ապա 12,30-ին ընդունեց Տիկին Էրդարին Գուզէն` Համաշխարհային Սննդարութեան Յայտագիրի
գործադիր տնօրէնուհին։ Իսկ առաւօտեան Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ, մատուցած
սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոցին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց ներկաները՝
իրենց կեանքի հիմերը դնելու Յիսուսի վրայ։ ''Կան մարդիկ, որ կը ներկայանան որպէս
քրիստոնեաներ ու մեղքեր կը գործեն մոռնալով որ իսկական քրիստոնեան անհատ մըն է որուն
հաւատքը հիմնուած է ժայռի վրայ որ է Քրիստոս։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հաստատեց թէ
''Առանց Քրիստոսի Քրստոնեաներ չկան''։ ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ բախտատութիւններ
ըրաւ մակերեսային քրիստոնեաներու եւ իրենց հաւատքը ապրող քրիստոնեաներու միջեւ. աւարտելով
իր խօսքը ըսաւ ''Տէրը մեզ կը հրաւիրէ մեր կեանքը կերտելու իրեն վրայ հիմնուելով որ է
Ժայռ, Ան որ մեզի ազատութիւն կը պարգեւէ, ան որ մեզի Սուրբ Հոգին կը շնորհէ, Ան որ մեզ
կ՛առաջնորդէ իր ճանապարհով եւ իր առաջարկներով։