2013-06-27 11:28:52

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդներու Ընդհանուր Քարտուղարներուն Համաժողով Վարսավիայի մէջ։


27էն 30 Յունիս Վարսավիայի մէջ տեղի կ՜ունենայ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Խորհուրդներու Ընդհանուր Քարտուղարներուն տարեկան հանդիպումը որուն գլխաւոր նիւթն է ''Եւրոպայի եկեղեցիէն Դէպի հաւատքի տարի։''

Վերոյիշեալ հաւաքի բացումը կը կատարեն Լեհաստանի եպիսկոպոսներու դասի` նախագահը եւ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի փոխ նախագահ Գերապայծառ Ժօզէֆ Միչալիչ ։

Եւրոպայի եկեղեցւոյ Նոր Աւետարանացման գծով վերջին տասնեակ տարիներու
Հաշուէկշիռը ,կը ներկայացնէ Գերապայծառ Վիրժիլ Պէրչէա։

Եւրոպայի եպիսկոպոսական դասի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարները
կը կեդրոնանան նաեւ ներկայ հարցերու շուրջ ինչպէս տնտեսական տագնապը մինչ
''Նոր Աւետարանութեան արմատական հասկացողութեան'' նիւթի քննարկումը կ՛եզրափակէ քարտուղարներու նիստերը։

Ժողովին կը մասնակցին նաեւ Հայր Րէյմոնտ Օ Թուլ` քարտուղարը Ասիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու դաշնակցութեան եւ Սուրբ Երկրի ՝ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի քարտուղար` Հայր Փիէթրո ֆէլէդ։ Երկու եկեղեցականները միասնաբար կը տեղեկացնեն ներկաները իրենց երկիրներու մէջ ապրող քրիստոնեաներու իրավիճակի մասին։

Ուրբաթ 28 յունիսի երեկոյեան ժամը 09.00 ին նախատեսուած է աղօթքի հսկում եւրոպայի ի նպաստ իսկ շաբաթ 29 յունիս ժամը 12.30 ին տեղի կ՛ունենայ եզրափակիչ մամլոյ ասուլիս մը Լեհաստանի Գարիթասի գրասենեակի մօտ։
Ի վերջոյ Կիրակի 30 Յունիսի առաւօտեան ժամը 11.00 ին ժողովականները Վարսավիայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը մասնակցին սուրբ պատարագի զոհին որուն ներկայ կը գտնուի նաեւ սուրբ աթոռի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ
Չէլէսդինօ Միյլիորէ







All the contents on this site are copyrighted ©.